image

Սպիտակ տուն վերադառնալու պարագային Թրամփ մտադիր է կարգաւորել Ուքրանիոյ հակամարտութիւնը․ Օրպան

Սպիտակ տուն վերադառնալու պարագային Թրամփ մտադիր է կարգաւորել Ուքրանիոյ հակամարտութիւնը․ Օրպան

Հունգարիոյ վարչապետ Վիքթոր Օրպան ԱՄՆ Ֆլորիտա նահանգի մէջ հանդիպած է Տանըլտ Թրամփի հետ, քննարկած Ուքրանիոյ մէջ խաղաղութեան հաստատման ուղիները։

Օրպանի խօսքով՝ ԱՄՆ նախկին նախագահը նոյեմբերին ընտրութեան յաղթելու եւ Սպիտակ տուն վերադառնալու պարագային մտադիր է հասնիլ Ուքրանիոյ հակամարտութեան կարգաւորման:

Հունգարիոյ վարչապետը Թրամփի հետ հանդիպումն անուանած է «խաղաղարար առաքելութիւն 5»՝ նկատի ունենալով իր վերջին այցերը Քիեւ, Մոսկուա եւ Փեքին, ինչպէս նաեւ հանդիպումը Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Էրտողանի հետ Ուաշինկթընի մէջ ՆԱԹՕ-ի գագաթնաժողովի շրջածիրէն ներս:

Հունգարիոյ վարչապետը նշած է, որ ԱՄՆ նախկին նախագահն իրեն ընդունած է Ֆլորիտա նահանգի իր Մար-ա-Լակօ կալուածին մէջ: