Ես կը ձգտէի, որ կովկասեան երեք երկիրները (Հայաստան, Ատրպէյճան, Վրաստան – խմբ.) ստիպուած չըլլային սերտացնելու իրենց յարաբերութիւնները Ռուսիոյ հետ կամ գտնուելու Իրանի գերիշխանութեան տակ. շատ ծանր է, երբ սեղմուած կ՚ըլլաս նման երկու տէրութիւններու միջեւ։ Այս մասին ըսած է ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփի ազգային անվտանգութեան հարցերով նախկին խորհրդական Ճոն Պոլթընը՝ պատասխանելով հարցին, թէ ի՛նչ նկատի ունէր, երբ 2019-ին Երեւան կատարած այցի ժամանակ կոչ կ՚ուղղէր հայ ժողովուրդին «չկաշկանդուելու պատմական կաղապարներով»։
«Ես կը զգայի, որ Հայաստանի պարագային Ռուսիոյ հետ սերտ յարաբերութիւններու վերադառնալը շատ վտանգաւոր պիտի ըլլար։ Կը վախնամ՝ նման միտում կայ հիմա դրացի Վրաստանի պարագային։ Կը կարծեմ, որ կովկասեան բոլոր երկիրներու ապագան դէպի Արեւմուտք շրջադարձ ընելու մէջ է, եւ կան ուղիներ զայն առաջ մղելու։ Կը յուսամ, որ Հայաստանը եւ Հարաւային Կովկասի միւս երկիրները այս ուղին պիտի ընտրեն»,– ըսած է Պոլթընը։
Հարցազրոյցը ամբողջութեամբ՝ տեսանիւթին մէջ։
Լուրը՝ NEWS.am-էն