image
Հրատապ լուրեր:

Սիլվա Քէշիշեան` Քալիֆորնիոյ ազդեցիկ արհմիութեան գործադիր մարմնի թեկնածու

Սիլվա Քէշիշեան` Քալիֆորնիոյ ազդեցիկ արհմիութեան գործադիր մարմնի թեկնածու

Ես ունիմ յաջող գործունէութեան պատմութիւն, ուր իմ սկզբունքային մօտեցումը, զուգորդուած առաջնորդական հմտութիւններու հետ, թոյլ տուած են լաւագոյնս ներկայացնել արհմիութեան անդամներու շահերը: Գործադիր խորհուրդի անդամի պաշտօնով կ'երաշխաւորեմ, որ իւրաքանչիւր աշխատակիցի ձայնը լսելի դառնայ»,-

Ամերիկահայ Սիլվա Քէշիշեան պիտի մասնակցի ԱՄՆ Պետական ծառայողներու միջազգային արհմիութեան խորհուրդի ընտրութիւններուն։

Այս մասին օրերս գրած է Լոս Անճելըսի «Ասպարէզ»ը, ուրկէ ալ քաղած ենք ներքոգրեալ թղթակցութիւնը.

 

Միացեալ Նահանգներու Պետական ծառայողներու միջազգային միութեան մասնաճիւղ Լոքըլ 721-ը (SEIU Local 721) Հարաւային Քալիֆորնիոյ ամենամեծ արհմիութիւնն է: Անիկա կը ներկայացնէ մարզերու` ներառեալ Լոս Անճելըսի, Օրենճի, Վենթուրայի եւ Ռիվըրսայդի, եւ բազմաթիւ քաղաքներու առողջապահութեան ոլորտի, խնամակալներու, դատարաններու, իրաւապահ մարմիններու, գրադարաններու եւ շարք մը այլ հաստատութիւններու աւելի քան 95,000 աշխատակիցներու շահերն ու իրաւունքները:

Այս կառոյցի Գործադիր խորհուրդի ընտրութիւններուն կը մասնակցի հայ համայնքէն ներս հասարակական գործունէութեամբ յայտնի՝ Սիլվա Քէշիշեան, որ արհմիութեան մէջ երկարամեայ գործունէութեան ընթացքին հետեւողականօրէն եւ լաւագոյնս պաշտպանած է բոլոր աշխատակիցներու շահերը, անոնց կարգին` բազմաթիւ հայերու:

Սիլվա Քէշիշեան 2004-էն ի վեր պաշտօնեայ է Լոս Անճելըսի մէջ, որպէս ընկերային ծառայող: Ան անդամակցած է Արհմիութեան ու աշխուժօրէն ներգրաւուուած SEIU 721-ի աշխատանքներուն մէջ կամաւոր հիմունքներով: 

Ըստ Սիլվա Քէշիշեանին՝ Լոս Անճելըսի մարզի պետական եւ հանրային ծառայութիւններու գրասենեակներուն մէջ ներգրաւուած է 55 հազար աշխատակից, որմէ շուրջ 10 հազարը հայեր են, որոնց մէկ մասը միայն SEIU 721-ի անդամ է: 

Սիլվա Քէշիշեան նաեւ SEIU 721-ի Հայկական հարցերով յանձնախումբի անդամ է, ուր կեդրոնացած են հայ աշխատակիցներու շահերու պաշտպանութեան հարցերու վրայ:

Ինչ կը վերաբերի ընտրութիւններուն, 7 Ապրիլին բոլորը ստացած են քուէաթերթիկ, ուր նշուած է նաեւ Սիլվա Քէշիշեանի անունը, որպէս Լոս Անճելըսի վարչաշրջանի գործադիր խորհուրդի անդամի (Executive Board Candidate) թեկնածու: Առաջադրուած 20 թեկնածուներէն 15-ը պէտք է մաս կազմէ գործադիր մարմնին: Քուէաթերթիկը պէտք է վերադարձուի մինչեւ 26 Ապրիլ:

«Ես միշտ պաշտպանած եմ աշխատաւորներու շահերն ու իրենց ձայնը լսելի դարձուցած համապատասխան հարթակներու վրայ: Կը դիմեմ Լոս Անճելըսի մարզի հայ աշխատակիցներուն, որոնք արհմիութեան անդամ են, որ մասնակցին այս ընտրութիւններուն, քուէարկեն իմ օգտին` հնարաւորութիւն տալով առաւել եռանդով շարունակել աշխատանքս ու պաշտպանել իրենց իրաւունքները: Ես ունիմ յաջող գործունէութեան պատմութիւն, ուր իմ սկզբունքային մօտեցումը, զուգորդուած առաջնորդական հմտութիւններու հետ, թոյլ տուած են լաւագոյնս ներկայացնել արհմիութեան անդամներու շահերը: Գործադիր խորհուրդի անդամի պաշտօնով կ'երաշխաւորեմ, որ իւրաքանչիւր աշխատակիցի ձայնը լսելի դառնայ»,- ըսած է Սիլվա Քէշիշեան: