Արդարեւ ճիշդ այսօրուան պէս 38 տարիներ առաջ 31 յունուար 1986-ին մութ ձեռքեր սպաննեցին՝ Լիբանանի ՀՅԴ կազմակերպական շրջանի հանրայայտ գործիչներ՝ Վարդգէս Տէր Կարապետեանը, Լեւոն Պէրպէրեանն ու Ներսէս Խիւտավէրտեանը եւ միեւնոյն ժամանակ կարողացան առեւանգել արմատներով հալէպահայ եւ իր մասնագիտական ուսումը ԱՄՆ ստացած համալսարանական դասախօս ՝ դոկտ. Յակոբ Պարսումեանը։
Լիբանանահայութեան համար ծանր համարուած այդ ժամանակաշրջանին այսպիսի հակահայ արարք մը, աւելիով կը մթագնէր այդ օրերու մեր իրականութիւնը, բայց եւ այնպէս շնորհիւ գաղափարական հնոցին մէջ մարմին ստացած իր ղեկավարութեան, հայութիւնը կարողացաւ շարունակել իր գոյերթը։
Շրջանային ազդեցիկ զարգացումներու լոյսին տակ եւ Լիբանանի մէջ տիրող պատերազմական պայմաններու հետեւանքով վաղ 1980-ականներուն հայութիւնը ականատես եղաւ տխուր եւ վրդովեցնող դէպքերու։
Հայկական դատին անունով հրապարակ ելած խմբաւորումներ կատարելով պատուէրը արտաքին մութ ուժերու թիրախ ընտրեցին Լիբանանի հայութեան անվտանգութեան բեռը իր ուսերուն դրած Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը եւ այդ առումով ալ արձանագրուեցան մէկէ աւելի ցնցիչ դէպքեր, որոնց ամէնէն ծանրերէն մին կը համարուի ՀՅԴ 4 գործիչներու հանդէպ եղած դատապարտելի հայասպանութեան արարքը։
Արդարեւ ճիշդ այսօրուան պէս 38 տարիներ առաջ 31 յունուար 1986-ին մութ ձեռքեր սպաննեցին՝ Լիբանանի ՀՅԴ կազմակերպական շրջանի հանրայայտ գործիչներ՝ Վարդգէս Տէր Կարապետեանը, Լեւոն Պէրպէրեանն ու Ներսէս Խիւտավէրտեանը եւ միեւնոյն ժամանակ կարողացան առեւանգել արմատներով հալէպահայ եւ իր մասնագիտական ուսումը ԱՄՆ ստացած համալսարանական դասախօս ՝ դոկտ. Յակոբ Պարսումեանը։
Լիբանանահայութեան համար ծանր համարուած այդ ժամանակաշրջանին այսպիսի հակահայ արարք մը, աւելիով կը մթագնէր այդ օրերու մեր իրականութիւնը, բայց եւ այնպէս շնորհիւ գաղափարական հնոցին մէջ մարմին ստացած իր ղեկավարութեան, հայութիւնը կարողացաւ շարունակել իր գոյերթը։
Ստորեւ «Արեւելք»ի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք Դաշնակցական նահատակ գործիչներու հակիրճ կենսագրականները.
Վարդգէս Տէր Կարապետեան ծնած էր 1928-ին, Պէյրութ եւ Սէն Ժոզէֆ համալսարանէն վկայուած քաղաքական գիտութեանց եւ իրաւաբանութեան կաճառներէն. 1966-էն ի վեր մաս կը կազմէր ազգային գաւառական ժողովին:
Լեւոն Պէրպէրեան ծնած էր 1927-ին, Պէյրութ եւ յաճախած Համազգայինի Նշան Փալանճեան ճեմարանը: Վարած էր պատասխանատու պաշտօններ եւ մասնակից եղած էր ինքնապաշտպանութեան աշխատանքներուն ու մարտնչումներուն:
Ներսէս Խիւտավերտեան ծնած էր 1956-ին, Պէյրութ: Յաճախած էր Նշան Փալանճեան ճեմարանը, իսկ Ամերիկեան համալսարանէն վկայուած իբրեւ մեքենագէտ երկրաչափ:
Յակոբ Պարսումեան ծնած էր 1936-ին, Հալէպ: Դոկտորայի վկայականը ստացած էր Նիւ Եորքի Քոլումպիա համալսարանէն: Պատմութեան դասախօս էր Հայկազեան համալսարանին եւ Համազգայինի հայագիտական բարձրագոյն հիմնարկին մէջ: Միաժամանակ կը վարէր Հայ դատի յանձնախումբին ատենապետութիւնը: