Արդէն 26 օր ատրպէյճանական շրջափակման մէջ գտնուող Արցախի՝ Ստեփանակերտի Մայր Տաճարին մէջ, Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան պատարագ կը մատուցուի։
Մարդիկ այսօր կ'ողջունեն զիրար հետեւեալ խօսքերով. «Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ», որու պատասխանն է` «Օրհնեալ է Ծնունդը Քրիստոսի, մեզի եւ ձեզի մեծ աւետիս»:
Պատարագէն ետք կը կատարուի Ջրօրհնեաց կարգ` ի յիշատակ Յիսուսի մկրտութեան: Խաչը ջուրին մէջ կ'իջեցնեն եւ կ'օրհնեն, ինչպէս Յիսուս օրհնեց ջուրը իր մկրտութեամբ: Պատարագիչ քահանան սրբալոյս Միւռոն կը կաթեցնէ ջուրի մէջ եւ կ'օրհնէ այն: Աւանդութեան համաձայն`ժողովուրդը այդ ջուրէն տուն կը տանի` որպէս օրհնութիւն:
Ս. Ծննդեան տօնէն ետք քահանաները կ'այցելեն հաւատացեալներու տուները` աւետելու Յիսուս Քրիստոսի Ծնունդը՝ կատարելով Տնօրհնէքի արարողութիւն:
Ըստ հայ առաքելական եկեղեցւոյ՝ ծնունդէն 30 տարի ետք Քրիստոսը նոյն օրը՝ 6 յունուարին, մկրտուեցաւ Յորդանան գետին մէջ:


