image

Շիրակի մարզ.Կարկուտը մեծ վնասներ պատճառած է

Շիրակի  մարզ.Կարկուտը մեծ   վնասներ պատճառած է

Շիրակի մարզի մէջ նոր կարկտահարութիւն գրանցուած է. 27 յունիսին կարկտահարութեան հետեւանքով  տուժած են մարզի Ամասիա եւ Ախուրեան տարածաշրջաններու գիւղական համայնքները: 

Շուրջ 20 վայրկեան տեւած կարկուտը վնասած է 14 համայնքի գիւղացիական տնտեսութիւններու մրգատու ծառերը, բանջարաբոստանային մշակաբոյսերն ու ցանքատարածութիւնները։

Շիրակի մարզպետարանի յատուկ յանձնաժողովը ուսումնասիրութիւններ պիտի կատարէ այս համայնքներուն մէջ, սակայն, մինչ այդ, տուժած գիւղեր այցելած մարզի գիւղատնտեսութեան վարչութեան պետ Մովսէս Մանուկեանը կը վստահեցնէ՝  տուժած գիւղերէն շատերուն վնասը մեծ է: 

«Աղէտի պատճառած վնասը տարբեր գիւղերում տարբեր է: Յունիսի 24-ին կարկտահարութեան պատճառով ամենաշատը՝ մօտ 100 տոկոս, վնաս կրել են Սարատակ, Հոռում, Լուսակերտ, Բենիամին գիւղերը, իսկ այս անգամ ամենաշատը Շիրակն է տուժել»,-«Արմէնբրես»-ի հետ զրոյցի ժամանակ նշած է Մովսէս Մանուկեանը:

Սա այս ամսուան կարկտահարութեան երրորդ դէպքն է Շիրակի մէջ: Միայն 4 յունիսին գրանցուած կարկտահարութեան ժամանակ տուժած էր 2060 հեքթար տարածք՝ պատճառելով 560 միլիոն դրամի վնաս: