image

Անգարայի փոթորիկը մեծ վնասներու պատճառ

Անգարայի փոթորիկը մեծ վնասներու պատճառ

Թուրքիոյ մայրաքաղաք Անգարայի մէջ տեղի ունեցած փոթորիկը տապալած է ծառեր եւ քանդած որոշ շէնքերու տանիքներ, կան տուժածներ։

Այդ մասին տեղեկացուցած է «Եէնի Աքիթ» պարբերականը։

«Քաղաքը սկսած փոթորիկը ժամանակի ընթացքին ուժեղացած է որոշ փողոցներու մէջ, յատկապէս Քեցյորեն, Չանքայա, Էթիմեսկուտ, Սինքան եւ Կէօլպաշի շրջաններուն մէջ»,- գրած է թերթը։

Մայրաքաղաքի որոշ հատուածներու մէջ ուժեղ քամին պոկած է բնակելի շէնքերու տանիքները՝ նետելով կայանուած ինքնաշարժներուն վրայ։

«Կան տուժածներ, օդերեւութաբանները նշած են, որ անձրեւներն ու ամպրոպը պիտի շարունակուին մինչեւ գիշեր»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։