Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ հեռախօսազրոյց ունեցած է Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշէլի հետ։
Կողմերը քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տիրող իրավիճակն ու անդրադարձած Եւլախի մէջ կայանալիք հանդիպման։
Եւրոպական խորհուրդի նախագահը ողջունած է ռազմական գործողութիւններու դադրեցումը եւ յոյս յայտնած է, որ հրադադարը կը պահպանուի։ Ան նաեւ դրական որակած է Եւլախի մէջ նախատեսուած հանդիպումը։