image

Սերկէյ Լաւրովն ու Մարքօ Ռուպիոն քննարկած են Իսթանպուլի մէջ կայացած ռուս-ուքրանական բանակցութիւններու արդիւնքները

Սերկէյ Լաւրովն ու Մարքօ Ռուպիոն քննարկած են Իսթանպուլի մէջ կայացած ռուս-ուքրանական բանակցութիւններու արդիւնքները

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրով 17 մայիսին, հեռախօսազրոյց ունեցած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոյի հետ։

Արտաքին քաղաքականութեան գերատեսչութիւններու ղեկավարները կարծիքներ փոխանակած են Իսթանպուլի մէջ կայացած ռուս-ուքրանական բանակցութիւններու արդիւնքներու վերաբերեալ։

«Սերգէյ Լաւրով նշած է Միացեալ Նահանգներու դրական դերը, որ նպաստած է, որ Քիեւը վերջնականապէս ընդունի Իսթանպուլի բանակցութիւնները վերսկսելու մասին Ռուսիոյ նախագահի առաջարկը»,- ըսուած է Ռուսիոյ դիւանագիտական ​​​​առաքելութեան յայտարարութեան մէջ։

Ռուպիոն ողջունած է ռազմագերիներու փոխանակման պայմանաւորուածութիւնը։

Լաւրով հաստատած է Ռուսիոյ պատրաստակամութիւնը՝ շարունակելու աշխատիլ Միացեալ Նահանգներու հետ ուքրանական կարգաւորման հարցով։