Թուրքիոյ խորհրդարանի Քեմալական Հանրապետական ժողովրդական կուսակցութենէն ընտրուած հայ պատգամաւոր Սելինա Տողան Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանին մէջ այցելած է պատրիարքական տեղապահ Գարեգին արքեպիսկոպոս Պեքճեանին: Այս մասին Տողան յայտնած է իր ֆէյսպուքեան էջին մէջ:
«Տեղապահի պաշտօնը ստանձնած Սրբազան Գարեգին արքեպիսկոպոս Պեքճեանին շնորհաւորեցի` այցելելով անոր: Քննարկումներ ունեցանք օրակարգային զարգացումներու շուրջ: Կը ցանկամ, որ պատրիարքի ընտրութիւնը մեր երկրին ու համայնքին համար բարի ըլլայ»,- նշած է Տողան:
Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանի եկեղեցական ընդհանուր ժողովը 28 յունիսին որոշում կայացուցած է դադրեցնել Արամ արքեպիսկոպոս Աթէշեանի լիազօրութիւնները իբրեւ պատրիարքական փոխանորդ: