image

Պաքու մտադիր չէ ազատ արձակել ռազմաքաղաքական ղեկավարները

Պաքու մտադիր չէ ազատ արձակել  ռազմաքաղաքական ղեկավարները

Ռազմագերիներու վերադարձի հարցով Ատրպէյճան պարտաւորութիւն չունի ազատ արձակել ռազմական յանցագործները եւ անջատողական խորհուրդի ռեժիմի ներկայացուցիչները։

Այս մասին յայտարարած է Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի քարտուղար Այխան Հաճիզատէ։

«Ատրպէյճան, հաւատարիմ մնալով մարդասիրութեան սկզբունքին, ՀՀ-ին փոխանցած է բոլոր ռազմագերիները․ սակայն այն փաստը, որ Ատրպէյճանի վերադարձնելէն յետոյ ռազմագերիները զանգուածային ձերբակալութիւններու եւ հետապնդումներու ենթարկուած են հայկական պետութեան կողմէ, առանձնայատուկ զարմանք կ'առաջացնէ այդ պետութեան կողմէ իր քաղաքացիներու հանդէպ «հոգատարութեան» պարունակին մէջ»,- յայտարարած է Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի քարտուղար Այխան Հաճիզատէ։