Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Դամասկոսի Ազգային Առաջնորդարանի էջէն վերահասու կը դառնանք, թէ 14 Օգոստոս 2016, Կիրակի, Սբ. Աստուածածնի Վերափոխման տօնին առիթով առաջնորդական հանդիսաւոր սուրբ Պատարագ մատուցուած է Դամասկոսի Սբ. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ: Օրուայ Սուրբ Պատարագը մատուցուած է էր Տ. Արմաշ Ս. Եպս. Նալպանտեան, Առաջնորդ Դամասկոսի Թեմի, իրեն ընթերակայ ունենալով Տ. Տրդատ Քահանայ Քիրէճեանը:Սբ. Պատարագին ներկայ եղած են հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը: