Լիբանան- Լիբանանահայ լրագրող եւ խմբագիր Սարգիս Նաճարեան պարգեւատրուած է Մարոնիներու Մար Պշշարա Պութրոս Ալ Րահի Պատրիարքին կողմէ: Նշենք, որ պարգեւատրումը տեղի ունեցած 3 Յուլիսին Մարոնիներու «Կաթողիկէ Տեղեկատուութեան Կեդրոն»ին կողմէ կազմակերպուած ամէնամեայ կալա – ընթրիքին ընթացքին: Նաճարեանի կողքին յատուկ պարգեւներ ստացած են շարք մը լիբանանցի լրագրողներ եւ Tele Lumiere կրօնական կայանը: Յիշեցնենք, որ Սարգիս Նաճարեան երկար տարիներ վարած է Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Պէյրութի օրկան ՝ «Արարատ»ի գլխաւոր խմբագրի պաշտօնը: Ան մինչեւ վերջերս կը վարէր Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան կողմէ հրապարակուող «Մասիս» ամսաթերթը: Կը շնորհաւորենք Սարգիս Նաճարեանը ` տարիներու վաստակ ունեցող Հայ մամուլի նուիրեալը: