image

Սարգիս Հաճիպալեանի տխուր մահը

Սարգիս Հաճիպալեանի տխուր մահը

 Ապու Տապիի հայկական շրջանակները խորապէս ցնցուած է համայնքի երիտասարդ անդամներէն (որ Անդրանիկ եւ Մարալ Հաճիպալեաններու ընտանիքի կրտսերագոյն զաւակն էր)  անակնկալ մահուան հետեւանքով իր աչքերը փակած է յաւերժին։

 

34-ամեայ Սարգիսը ծնած էր ԱՄԷ-ի մէջ եւ երկար տարիներէ ի վեր իր եղբօրը հետ միասին նուիրուած կեանքի ասպարէզին։

Ըլլալով Անդրանիկ Հաճիպալեանի որդին յար եւ նման հօրը եղած է բարեկիրթ, յարգուած եւ համայնքի անդամներուն կողմէ սիրուած ու յարգուած անձնաւորութիւն մը։

 Համայնքային շրջանակներ ՝Եկեղեցի, թեմական մարմիններ եւ ազգային կառոյցներ սգացած են այս դառնաղէտ կորուստը, տրուած ըլլալով, որ ներկայիս Սան Ֆրանսիսքո հաստատուած անոր ծնողները միշտ ալ մօտիկ եղած են մեր եկեղեցիին եւ իրենց կարելի բոլոր միջոցներով սատարած են հայ կեանքին ու հայութեան։

 Սարգիս մահացած է սրտի ծանր կաթուածի հետեւանքով եւ անոր մարմինը յետ յուղարկաւորութեան յանձնուած է հողին։

 

 Մեր խորին ցաւակցութիւնները Հաճիպալեաններու ընտանիքին, հանգուցեալի բարեկամներուն եւ համայն սգակիրներուն։

 Իւրաքանչիւր  հայու մահ կորուստ է, ուր մնաց երբ մահը կը թակէ մեր երիտասարդ հայորդիներու դռները։