Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Սամուէլ Շահրամանեանը խումբ մը պատասխանատուներու հետ պիտի մնայ Ստեփանակերտի մէջ այնքան ժամանակ, մինչեւ չաւարտին սեպտեմբեր 19-էն 20-ը տեղի ունեցած ռազմական գործողութիւններու եւ սեպտեմբեր 25-ին Ասկերանի շրջանին մէջ վառելիքի պահեստի պայթումի հետեւանքով զոհուածներու աճիւններու ու անհետ կորսուածներու որոնողափրկարարական աշխատանքները։
Այդ մասին յայտնած են Արցախի տեղեկատուական շտաբէն։
«Տեղեկացնում ենք նաեւ, որ կառավարութիւնը շարունակում է ուշադրութեան կեդրոնում պահել ՀՀ տեղափոխուել ցանկացող այն քաղաքացիների հարցը, ովքեր տարբեր պատճառներով հնարաւոր է, որ գտնուելիս լինեն Հանրապետութեան տարածքում»։