image

Սամուէլ Կարապետեանի փաստաբանը հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ

Սամուէլ Կարապետեանի փաստաբանը հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ

2025-ի յունիս 17-ին գործադիր իշխանութեան ղեկավարի կողմէ կատարուեցաւ հետեւեալ դիմատետրեան գրառումը. «Հիմա ես քեզ իմ ձեւով կը միջամտեմ...»: Այս արտայայտութիւնն ակնյայտ էր, որ ուղղուած էր յստակ անձի եւ այդ արտայայտութենէն ժամեր անց գործարար, բարերար Սամուէլ Կարապետեանն ակնյայտ ապօրինի կերպով կալանաւորուեցաւ եւ մինչ օրս կալանաւորուած է: Այս մասին դիմատետրեան իր էջին գրած է փաստաբան Արամ Վարդեւանեանը:

«Մասնագիտական հանրոյթից իւրաքանչիւրին կարելի է հարցնել՝ «Մենք մեր ձեւով կը մասնակցենք Եկեղեցու պաշտպանութեանը» արտայայտութիւնը կարող է քրէական վարոյթ նախաձեռնելու առիթ հանդիսանալ, կամ առաւելեւս անձի կալանքի պայմանը բաւարարել, թէ ոչ: Այս հարցերն ունեն միանշանակ պատասխաններ.

1) օրինական չէ քրէական վարոյթը,

2) քրէական օրէնսգրքի յատուկ մասի որեւէ յօդուածի հետ չկայ՝ որեւէ առնչութիւն,

3) ակնյայտ անօրինական է կալանքը:

Այս միանշանակ պատասխանների իրացման խոչընդոտը՝ յունիսի 17-ի յայտնի յայտարարութիւնն է: Հենց դրանում է Սամուէլ Կարապետեանի նկատմամբ քաղաքական հետապնդման անվիճելիութիւնը, հենց դրանում է վրէժխնդրութիւնը եւ կալանքը որպէս պատիժ իրացումը իրաւապահների կողմից, չնայած ակնյայտ եւ տարբեր տեղական, միջազգային պարտաւորութիւններին որոնք դա՝ ուղիղ արգելում են:

Շուրջ 80 օր շարունակուող կալանքի ակնյայտ ապօրինի եւ սնանկ լինելու վերաբերեալ վերաքննիչ բողոքի քննութիւնը պարզ չէ ինչու, բայց իրականացւում է գրաւոր ընթացակարգով, իսկ դատական ակտի հրապարակման օրն է՝ սեպտեմբերի 8-ը»,- գրած է ան: