image

Սամուէլ Կարապետեանի կալանք. Մոսկուա՝ «մօտէն կը հետեւինք, բայց չենք խառնուիր»

Սամուէլ Կարապետեանի կալանք. Մոսկուա՝ «մօտէն կը հետեւինք, բայց  չենք խառնուիր»

Քրեմլը ուշադիր կը հետեւի «Տաշիր Կրուփ» ընկերութեան սեփականատէր Սամուէլ Կարապետեանի կալանաւորման հետ կապուած իրավիճակին։ Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքովը։

«Ի հարկէ, մենք կը հետեւինք։ Մեզի համար ան Ռուսիոյ քաղաքացի է։ Մենք չենք ուզեր միջամտել Հայաստանի ներքին գործերուն, բայց, ի հարկէ, ամենայն ուշադրութեամո կը հետեւինք Ռուսիոյ քաղաքացիի հետ կապուած ամէն ինչին», – լրագրողներուն ըսած է Փեսքովը։

Ան նշած է, որ անհրաժեշտութեան պարագային Ռուսիան պատրաստ է Սամուիլ Կարապետեանին տրամադրել անհրաժեշտ օգնութիւնը։