image

Սամուէլ Բաբայեանը հրաւիրիուած է Ազգային ժողովի քննիչ յանձնաժողով

Սամուէլ Բաբայեանը հրաւիրիուած է Ազգային ժողովի քննիչ յանձնաժողով

Ազգային ժողովի 44-օրեայ պատերազմի քննիչ յանձնաժողով հրաւիրուած է Պաշտպանութեան բանակի նախկին հրամանատար Սամուէլ Բաբայեանը, «Ազատութեան» յայտնած է յանձնաժողովի անդամ Քրիսթինէ Պօղոսեանը։

Պաշտպանութեան բանակի նախկին հրամանատարի մասնակցութեամբ նիստը նախատեսուած է նոյեմբեր 29-ին։

Ուրբաթ օր յանձնաժողովի նախագահ Անդրանիկ Քոչարեանն ըսած է, որ Բաբայեանը յանձնաժողով կողմէ հիւրընկալուելու ցանկութիւն յայտնած է։

Յանձնաժողովի ձեւաւորումէն ետք Սամուէլ Բաբայեանը որպէս անկախ խորհրդատու պէտք է մասնակցէր աշխատանքներուն:

Սկզբնական փուլին Բաբայեանը համաձայնած էր, կարճ ժամանակ անց, սակայն, հրաժարած էր քննիչ յանձնաժողովի աշխատանքներուն մասնակցիլ՝ առանց յստակ պատճառներ նշելու։