Արցախեան սահմանին յարաբերական անդորրը կը շարունակուի: Այս մասին կը տեղեկացնէ ԼՂՀ Պաշտպանութեան Նախարարարութիւնը: Աղբիւրը նոյնպէս կը հաղորդէ, թէ հակառակորդը երէկ գիշեր հայկական սահմանապահ դիրքերու ուղղութեամբ օգտագործած է հրաձգային եւ դիպուկահար զէնքեր: Հայկական զօրքերը համապատասխան գործողութիւններ կատարելով կը շարունակեն վերահսկողութեան տակ պահել սահմանի ողջ երկայնքը: