Թուրքիոյ հետ սահմանին գտնուող Մարկարայի անցակէտն ամբողջութեամբ նորոգուած է եւ արդէն պատրաստ է շահագործման։ «Արմէնփրէս»-ի մամուլի սրահին մէջ հրաւիրուած ասուլիսին այս մասին նշած է ՀՀ Պետական եկամուտներու կոմիտէի նախագահի տեղակալ Կարէն Թամազեանը։
«Մաքսային տեխնիկական միջոցների, անձնագրային հսկողութեան, նաեւ սահմանապահների մասով բոլոր ենթակառուցուածքները պատրաստ են, որպէսզի ուղեւորային սպասարկումը պատշաճ իրականացուի»,-ըսած է Կարէն Թամազեանը։
1993 թուականին Թուրքիան միակողմանիօրէն փակած է Հայաստանի հետ օդային եւ ցամաքային սահմանները: Հայաստանն ու Թուրքիան 2021 թուականի դեկտեմբերին յայտարարած են, որ պատրաստ են յարաբերութիւններու կարգաւորման յստակ քայլեր ձեռնարկելու։ Երկու երկիրներու յարաբերութիւնները կարգաւորելու նպատակով Հայաստանն ու Թուրքիան նշանակած են յատուկ ներկայացուցիչներ։ 2022 թուականի յուլիս 1-ին Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յատուկ ներկայացուցիչները Վիեննայի մէջ պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերած են ապահովել Հայաստան-Թուրքիա ցամաքային սահմանը հատելու հնարաւորութիւն համապատասխանաբար Հայաստան եւ Թուրքիա այցելող երրորդ երկիրներու քաղաքացիներու համար եւ որոշած են սկսիլ այդ ուղղութեամբ անհրաժեշտ գործընթացները: