Վրաստանի նախկին նախագահ Միխայիլ Սահակաշվիլին կը կարծէ, թէ երկրին մէջ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններու երկրորդ փուլի արդիւնքները կեղծուած են։ Քաղաքական գործիչը կը կարծէ, թէ Վրաստանի բնակիչները այժմ պէտք է երթան Նիկոլ Փաշինեանի յեղափոխական ճանապարհով։
Նախկին նախագահի ուղերձը լրագրողներուն ներկայացուցած է անոր փաստաբան, Մթավարի հեռուստաալիքի գլխաւոր տնօրէն Նիքա Կվարամիան։
«Ի՞նչ պէտք է ընենք. Միայն մէկ բան՝ մենք պէտք է ստիպենք անոնց վճարել այն գինը, որ կը վճարեն ինքնասէր ազգերը կեղծարար իշխանութիւններուն: Անոնց իշխանութիւնը պէտք է խլենք ու ամէն ինչի համար օրէնքի առաջ պատասխանատուութեան ենթարկենք։ Այդպէս վարուեցաւ մեր հարեւան Հայաստանը։ Այնտեղ Փաշինեանը կը կռուէր իր տարողութեամբ չորս անգամ Իվանիշվիլին գերազանցող օլիկարխի դէմ, որու թիկունքին կանգնած էր Ռուսաստանը. անոր համար նոյնպէս կը կեղծէին ընտրութիւններ, բայց հայ ժողովուրդը, այնուամենայնիւ, յաղթեց։ Աւելի ու աւելի շատ մարդիկ դուրս եկան փողոցներ, եւ աւազակային իշխանութիւնները ստիպուած էին հեռանալ, ստիպուած եղան արտահերթ ընտրութիւններ նշանակել», ըսած է Սահակաշվիլին:
Իր ուղերձին մէջ քաղաքական գործիչը խօսած է նաեւ ուքրանական «նարնջագոյն յեղափոխութեան» օրինակին մասին եւ յաւելած, որ նման յեղափոխութիւններու գաղափարը ծնած է Վրաստանի մէջ։
30 Հոկտեմբերին Վրաստանի մէջ կայացած է ՏԻՄ ընտրութիւններու երկրորդ փուլը։ Քաղաքայինները ընտրած են 20 քաղաքներու քաղաքապետները, այդ շարքին՝ Թիֆլիսը, Պաթումին, Քութայիսին, Փոթին եւ Ռուսթավին, ինչպէս նաեւ 24 մեծամասնական շրջաններու տեղական ժողովներու պատգամաւորները։
Կեդրոնական Ընտրական Յանձնաժողովի տուեալներով՝ 20 քաղաքներէն 19-ին մէջ քաղաքապետի ընտրութիւններու երկրորդ փուլին յաղթած են իշխող «Վրացական երազանք» կուսակցութեան թեկնածուները։ Միակ քաղաքը, ուր յաղթած է ընդդիմադիր «Միացեալ ազգային շարժման» ներկայացուցիչը, Ծալենճիխան է։