Լիբանանի մէջ մեծ համարում վայելող Սուրբ Պարպարայի տօնը իւրայատուկ ձեւով նշուած է Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Վարժարանին մէջ։
Եղելութեան մասին «Արեւելք» իմացաւ վարժարանի դիմատետրեան էջէն, ստորեւ կը ներկայացնենք այդ գրառումը՝
Ս. Պարպարայի տօնին առիթով, Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի Ծնողական յանձնախումբը սիրով պատրաստեց աւանդական «Հատիկ»ը եւ հիրասիրեց վարժարանի բոլոր աշակերտները։
Այս ջերմ նախաձեռնութիւնը ոչ միայն կը մարմնաւորէ բարի աւանդութիւններուն կենդանութիւնը մեր կրթական համայնքին մէջ, այլ նաեւ կը շեշտէ ծնողներու խոր հոգատարութիւնը եւ նուիրումը՝ դպրոցական ընտանիքին նկատմամբ։
Կը յայտնենք մեր խորին շնորհակալութիւնը Ծնողական յանձնախումբին՝ այս նախաձեռնութեան համար, որ տօնական մթնոլորտը աւելի ջերմացուց եւ յիշեցուց մեզի աւանդութիւններու արժէքը մեր վարժարանի շրջանակին մէջ։
Շնորհակալութիւն, ծնողներ, ձեր նուիրումին եւ դպրոցական գործերուն ձեր աջակցութեան համար։