ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է Ռուսիոյ Դաշնութեան փոխվարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուքը, որ Հայաստան ժամանած է հայ-ռուսական միջկառավարական յանձնաժողովի նիստին մասնակցելու նպատակով։ Տեղեկութիւնը յայտնած է ՀՀ վարչապետի մամուլի ծառայութիւնը։
Զրուցակիցները խօսած են տարածաշրջանային երթեւեկութեան ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակման մասին եւ քննարկած Հարաւային Կովկասի մէջ փոխադրային եւ տնտեսական հաղորդուղիներու ապաշրջափակման հնարաւորութիւններու հարցերը։
«Զրուցակիցները քննարկել են Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ռուսաստանի Դաշնութեան միջեւ տնտեսական համագործակցութեան միջկառավարական յանձնաժողովի աշխատանքների շրջանակներում հայ-ռուսական յարաբերութիւնների արդիական հարցերը, ինչպէս նաև Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) ձեւաչափում փոխգործակցութեանն առնչուող թեմաներ»,–ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։
Նշուած է, որ հանդիպման մասնակցած են նաեւ ՀՀ փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանը եւ ՀՀ–ի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Սերկէյ Քոփիրքինը: