Ռուսիոյ Պելկորոտի մարզին մէջ կործանուած է Իլ-76 ռազմական օդանաւ, որուն մէջ եղած է Ուքրանիոյ զինուած ուժերու 65 գերեվարուած զինուորական, որոնք փոխադրուած էին Պելկորոտի մարզ՝ փոխանակման նպատակով, յայտնած է Ռուսիոյ Դաշնութեան Պաշտպանութեան նախարարութիւնը:
Բացի այդ, օդանաւին մէջ եղած է օդանաւի անձնակազմի 6 անդամ եւ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան 3 ուղեկցող անձ։
Ըստ Mash թելեկրամեան ալիքի տեղեկութիւններու՝ ուքրանական կողմին նախազգուշացուած է գերիներու Պելկորոտ ծրագրուած տեղափոխման մասին։ Փոխանակումը պէտք է տեղի ունենար 24 յունուարին։
Նշուած է, որ Պելկորոտի մարզին մէջ Իլ-76-ի կործանման վայր մեկնած է յանձնաժողով՝ աղէտի պատճառները պարզելու համար, հաղորդած Ռուսիոյ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը։