image

Ռուսիոյ հետ սահմանը փակ պիտի մնայ․ Ֆինլանտայի վարչապետ

Ռուսիոյ հետ սահմանը փակ պիտի մնայ․ Ֆինլանտայի վարչապետ

Ֆինլանտայի վարչապետ Փեթերի Օրփոն ըսած է, որ Ռուսիոյ հետ սահմանը պիտի մնայ փակ, քանի որ Ֆինլանտայի իշխանութիւնները վստահ են, որ եթէ այն բացուի, Ռուսիան գաղթականներ կ՚ուղարկէ Ֆինլանտա՝ առանց համապատասխան փաստաթուղթերու:

«Արեւելեան սահմանը փակ է մինչեւ յաջորդ ծանուցումը, եւ մենք չենք կրնար այն բանալ, քանի դեռ չենք գտած միջոց, որու օգնութեամբ, Ռուսիոյ հետ համաձայնեցուած մէկ կամ քանի մը սահմանային կէտ բանանք։ Նման փոխըմբռնում չկայ»,- ըսած է Օրփոն։

Անոր խօսքով՝ Ֆինլանտայի իշխանութիւնները պէտք է հասկնան, որ եթէ սահմանային անցակէտերը բացուին, արդեօք Ռուսիան գաղթականներ Ֆինլանտա չուղարկեր առանց համապատասխան փաստաթուղթերու։