ՀՀ Սիւնիքի մարզին մէջ Ռուսիոյ եւ Իրանի հիւպատոսութիւններու առկայութիւնն անվտանգային առումով կրնայ դրական նշանակութիւն ունենալ։ Այս մասին Ազգային Ժողովէն ներս լրագրողներու հետ զրոյցին ըսած է ՀՀ Սիւնիքի մարզպետ Ղուկասեանը:
«Երկու դէպքում էլ մեծ աշխատանք է կատարուել եւ մեծ ազդեցութիւն կարող է ունենալ»,–ըսած է մարզպետը` խօսելով Իրանի հիւպատոսութեան աշխատանքի եւ Ռուսիոյ Դաշնութեան հիւպատոսութեան հնարաւոր բացման մասին։
Ան յոյս յայտնած է, որ Իրանի հիւպատոսութիւնը վերջինը չըլլար Սիւնիքի մէջ։