image
Հրատապ լուրեր:

Ռուսիոյ ԱԳՆ-ն անդրադարձած է Հայաստանի կողմէ ՀԱՊԿ-ին պարտքը չվճարելու հետեւանքներուն

Ռուսիոյ ԱԳՆ-ն անդրադարձած է Հայաստանի կողմէ ՀԱՊԿ-ին պարտքը չվճարելու հետեւանքներուն

Եթէ Հայաստանը մինչեւ 2025-ի վերջ չվճարէ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) պիւտճէի վճարը, ապա կազմակերպութեան անդամ երկիրները կրնան տարբեր սենարներ դիտարկել։ Բայց, հաւանաբար, ոչ ոք կը վտարեն։ Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ Արտաքին գործոց փոխնախարար Ալեքսանտր Փանքինը։

Անոր խօսքով՝ արդէն եղած են դէպքեր, երբ այլ երկիրներ պարտքեր ունեցած են տեխնիկական, ֆինանսական եւ այլ պատճառներով:

Հայաստանը սառեցուցած է իր մասնակցութիւնը Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) 2024 թուականի փետրուարին։

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը յայտարարած է, որ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութիւնը (ՀԱՊԿ) սպառնալիքներ կը ստեղծէ Հայաստանի անվտանգութեան, հետագայ գոյութեան, ինքնիշխանութեան եւ պետականութեան համար։

Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) հետ յարաբերութիւնները սրած են 2022-ի սեպտեմբերին Հայաստանի ինքնիշխան տարածք Ատրպէյճանի զինուժի ապօրինի ներխուժումէն ետք։ Չնայած Երեւանի պահանջներուն՝ ՀԱՊԿ-ը մինչեւ օրս չէ դատապարտած դաշինքի անդամ Հայաստանի դէմ այդ յարձակումը եւ չէ արձանագրած, որ Ատրպէյճանը Հայաստանէն տարածքներ բռնագրաւած է։

Բացի այդ, Հայաստանը դադրած է իր ներդրումը կատարել կազմակերպութեան պիւտճէին մէջ, ներկայացուցիչներ ուղարկել կազմակերպութեան միջոցառումներուն եւ զօրավարժութիւններուն: