image

Ռուսիայէն օգնութիւն Լիբանանին. 19 Թոն մարդասիրական օժանդակութիւն Պէյրութ հասած է

Ռուսիայէն օգնութիւն Լիբանանին.  19 Թոն մարդասիրական օժանդակութիւն  Պէյրութ հասած է

Ռուսիոյ Արտկարգ իրավիճակներու նախարարութիւնը Իլ-76 օդանաւով Պէյրութի միջազգային օդակայան հասցուցած է 19 թոն մարդասիրական օգնութիւն։ Այս մասին յայտնած է նախարարութեան մամուլի ծառայութիւնը։

Տեսչութենէն պարզաբանած են, որ յատուկ օդանաւը Պէյրութ հասցուցած է աւելի քան 19 թոն մարդասիրական բեռ, որ կը ներառէր հիմնական պէտքեր եւ դեղորայք։

Նոյն օդանաւով Լիբանանէն, Ռուսիոյ ԱԳՆ-ի հետ համաձայնեցնելով, տեղափոխուած են 97 ռուսեր, որոնք տուժած էին հանրապետութեան տարածքին Իսրայէլի հարուածներէն։

Յիշեցնենք` Իսրայել  հոկտեմբերէն 1-էն ի վեր Լիբանանի հարաւը ցամաքային գործողութիւն  կը կատարէ «Հզպալլայի» ուժերուն դէմ եւ կը շարունակէ հրթիռակոծել դրացի երկիրը, ուր արդէն աւելի քան 2 հազար մարդ զոհուած է, եւ աւելի քան մէկ միլիոն անձ գաղթական դարձած: Հակառակ կորուստներուն (ներառեալ՝ հրամանատարական կազմը)` «Հըզպալլա» ցամաքային մարտեր կը մղէ եւ չի դադրեցներ Իսրայէլի տարածքի հրթիռակոծումը:

Իսրայէլ կը նշէ, որ ռազմական արշաւի գլխաւոր նպատակն է նպաստաւոր պայմաններ ստեղծել հիւսիսի 60 հազար բնակիչներուն վերադարձին համար, որոնք մէկ տարի առաջ տարհանուած էին «Հըզպալլա»ի կողմէ պաղեստինեան «Համաս» շարժումին աջակցելու համար սկսած գնդակոծութիւններուն պատճառով: