image

Ռուսիան պէտք է ներկայ ըլլայ Ուքրանիոյ հարցով յաջորդ խաղաղ գագաթնաժողովին. Շոլց

Ռուսիան պէտք է ներկայ ըլլայ Ուքրանիոյ հարցով յաջորդ խաղաղ գագաթնաժողովին. Շոլց

Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլց կողմ արտայայտուած է Ուքրանիոյ նուիրուած յաջորդ խաղաղ համաժողովին Ռուսիան հրաւիրելուն։ Ինչպէս գրած է «Deutsche welle», այս մասին ան յայտարարած է Տրեզտենի մէջ Գերմանիոյ Սոցիալ-դեմոկրատական կուսակցութեան նախընտրական միջոցառման իր ելոյթի ժամանակ։

«Արդէն շատ քննարկումներ եղած են այդ հարցի շուրջ, վերջին անգամ Զուիցերիոյ մէջ, ուր շատ երկիրներ հաւաքուած են ։ Եւ ես շատ ուրախ եմ, որ Ուքրանիոյ նախագահը նոյնպէս կը ցանկայ, որ Ռուսիան ներկայ ըլլայ յաջորդ հանդիպման»,-ըսած է Շոլց։ Գերմանիոյ կառավարութեան ղեկավարը հաւաստիացուցած է, որ Պերլին պէտք է եւ կ'աջակցի Ուքրանիոյ Ռուսիոյ դէմ անոր պաշտպանական պայքարին մէջ: 

Ան աւելցուցած է, որ միեւնոյն ժամանակ պէտք է ձգտիլ խաղաղութեան՝ աջակցելով խաղաղ բանակցութիւններուն, բայց ոչ Ուքրանիան յանձնելու ճանապարհով: