Ռուսիոյ Դաշնութեան Արտաքին Գործերու Նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան ցուցադրական «հակառուսական ժեսթ» անուանած է Հայաստանի Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի եւ Ուքրանիոյ նախագահի գրասենեակի ղեկավար Անտրէյ Երմաքի հանդիպումը։ Այդ մասին ան յայտնած է ճեպազրոյցի ժամանակ։
Հոկտեմբերի վերջը Գրիգորեանը Մալթաի մէջ քննարկած է հայ-ուքրանական յարաբերութիւնները Երմաքի հետ։ Հանդիպումը կայացած է «Մալթա. խաղաղութեան բանաձեւ» միջոցառման շրջանակներուն մէջ:
«Եթէ դուք Մալթայի մէջ հանդիպման մասին կը խօսիք, այսպէս կոչուած, քոփենհակենեան ձեւաչափով, ապա մենք այդ կը դիտարկենք պաշտօնական Երեւանի ցուցադրական հակառուսական ժեսթ», ըսած է Զախարովան։
Ան յիշեցուցած է, որ աւելի վաղ Քիեւ մեկնած էր ՀՀ վարչապետի տիկինը՝ Աննա Յակոբեանը։ Հայաստանի Ազգային Ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեան Տապլինի մէջ շփուած է Ուքրանիոյ Գերագոյն Ռատայի նախագահ Ռուսլան Սթեֆանչուքի հետ։ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Կրանատայի մէջ հաղորդակցուած է Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքիի հետ։
«Երեւանի մէջ, ես կը կարծեմ, պէտք է հաշիւ տան իրենց ցուցադրական «սիրախաղերուն» համար անոնց հետ, որոնք յարձակողական կերպով կը դիմակայեն մեր երկրին: Եւ այստեղ այլ սահմանում չկայ: Ցաւալի է, որ հանրապետութեան ներկայիս ղեկավարութիւնը նպատակաուղղուած, յամառօրէն կ’ոչնչացնէ մեր դաշնակցային յարաբերութիւնները, որոնք ոչ վաղ անցեալին կ’անուանէին Հայաստանի կայունութեան եւ բարգաւաճման կարեւորագոյն գործօն», ըսած է Զախարովան։
Իսկ ինչ կը վերաբերի հայկական լրատուամիջոցներուն ու լրատուական աղբիւրներուն եւ անոնց «հակառուսական հռետորաբանութեան», ապա Զախարովա ըսած է. «Ես չեմ կրնար նոյնիսկ պատկերացնել նման բան… ես շատ կը կարդամ եւ կը դիտեմ: Բայց սա պարզապէս վիրաւորանք չէ, այլ` անթաքոյց ռուսավախ: Մենք կը հասկանանք, թէ ով կանգնած է այդ աղբիւրներու ֆինանսաւորման ետին: Եթէ այնտեղ կը կարծեն, որ մենք չենք գիտեր, թէ ով կը վճարէ այդ ամէնուն համար, ապա մենք գիտենք»: