Նոյեմբեր 7-ի գիշերը աւարտեցաւ Եւրոպայի մէջ սովորական զինուած ուժերու մասին (ԵՍԶՈՒ) պայմանագրէն Ռուսիոյ դուրս գալու ընթացակարգը, հաղորդած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը։
«Այժմ այն վերջապէս մեզի համար դարձաւ պատմութիւն»,-ըսուած է յայտարարութեան մէջ։
Ռուսիոյ նախագահը պայմանագրէն դուրս գալու օրինագիծը Տումա ներկայացուցած էր մայիս 10-ին՝ պարզաբանելով, որ 90-ականներու սկիզբին կնքուած պայմանագիրը ռազմաքաղաքական լայնածաւալ փոփոխութիւններով պայմանաւորուած, առաջին հերթին ՆԱԹՕ-ի ընդլայնման հետ կապուած, մեծ մասամբ հինցած է եւ կորսնցուցած իրականութեան հետ կապը։
Մայիս 16-ին պատգամաւորները միաձայն պաշտպանած են նախագահի առաջարկը։
Պայմանագիրը ստորագրուած է 1990-ին Փարիզի մէջ ՆԱԹՕ-ի 16 երկիրներու եւ Վարշաւայի պայմանագրի վեց երկիրներու ներկայացուցիչներու կողմէ։ Ըստ Մոսկուայի՝ պայմանագիրը 1999-ին խմբագրուած է, սակայն ՆԱԹՕ-ի երկիրները լրամշակումները չեն վաւերացուցած:
Պայմանագրով կողմերու համար կը սահմանուէր մարտական հրասայլերու, զրահամեքենայի, հրետանիի, հարուածային ուղղաթիռներու եւ ինքնաթիռներու թուի սահմանափակում։