image

Ռուսիա Սուրիոյ Մէջ Սպանուած Զինուրի մը Թաղումը Կատարեց

Ռուսիա Սուրիոյ  Մէջ  Սպանուած Զինուրի մը Թաղումը  Կատարեց

Ռուսիա- («Ալ Անուար»-Պէյրութ) ըստ «Ալ Անուար» արաբատառ  օրաթերթին, Սուրիա մահացած Ռուս զինուորին ընտանիքը դիակը ստաձնելէ եւ թաղումը ռուսական գիւղերէն մէկուն մէջ կատարելէ ետք ըսած է, թէ իշխանութեան կողմէ յիշուած իրենց զաւկին անձնասպանութիւնը մատնանշող որեւէ կապեր չկան:Ռուսական պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ պատասխանատուներ ըսին թէ, Վատիմ Քոսդինքոն (19 տարեկան), նախորդ Շաբաթ օրը, Սուրիոյ ծովեզերեայ շրջանի օդակայանային կեդրոնին մէջ, ինքզինք կախած էր, անհատական պատճառներով Քոսդինքոյի դիակը իր ծնողներուն յանձնուեցաւ Երեքշաբթի օր, որպէս առաջին զինուոր, որուն մահը կը հաստատուի Սուրիոյ մէջ, երբ չորս շաբաթներ առաջ սկսան ռուսական օդային հարուածները: Վատիմի հայրը Ալեքսադր, Ռուսիոյ հարաւը զաւակին յուղարկաւորութիւնը կատարուելէն ետք ըսաւ, որ դիակին վրայ չկան նշաններ, որոնք կը յայտնեն թէ ինքզինք կախած է, աւելցնելով, որ որդին Շաբաթ օր խանդավառ կը խօսէր հեռաձային կապին ընդմէջէն, նոյն օրը, երբ տեղի ունեցաւ մահը օդակայանային կեդրոնէն ներս:Միւս կողմէ Անթոնի Պլինքին, ամերիկայի արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերիի փոխանորդը ըսած է, որ ռուսական միջամտութիւնը Սուրիա լաւ ընթացքի մէջ չէ եւ այս մէկը խթան կը հանդիսանայ, որ երկրին մէջ  Ռուսիա  պիտի փորձէ յառաջխաղացում իրագործել քաղաքական գետին վրայ: Ամերիկացի պատասխանատուն  աւելցուց,  որ ռուսները չեն կրնար յաղթել Սուրիոյ մէջ... թերեւս կարենան կանգնեցնել նախագահ Պաշար Ալ Ասատի տուժելը, սակայն չեն կրնար յաղթել: Ան  մասնակցելէ ետք Փարիզի մէջ տեղի ունեցող Սուրիոյ վերաբերեալ բանակցութիւններուն ըսաւ, թէ գետնի վրայ պետութեան ուժերուն նեցուկ կենալու Ռուսիոյ շարժումները շատ լաւ չեն ընթանար, հակառակ օդային յարձակումներուն սահմանափակ յառաջացում կ'արձանագրէ: