image

Ռուսիա պատրաստ է աջակցիլ Հայերու անվտանգ Ղարաբաղ վերադարձին. Կալուզին

Ռուսիա պատրաստ է աջակցիլ Հայերու անվտանգ Ղարաբաղ վերադարձին. Կալուզին

Ռուսիան պատրաստ է աջակցելու Ղարաբաղի հայերու անվտանգ վերադարձին՝ անոնց ցանկութեան պարագային, ԹԱՍՍ-ի հետ հարցազրոյցին ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Կալուզինը։

«Ցաւօք, Ղարաբաղի հայերու մեծ մասը հեռացած է տարածաշրջանէն։ Այդ անոնց ծանր, բայց ինքնակամ ընտրութիւնն էր։ Այս առնչութեամբ կարեւոր է վերադարձի պայմաններ ստեղծել անոնց համար, որոնք կը փափաքին՝ իրաւունքներու եւ անվտանգութեան պատշաճ ապահովման պարագային»,-ըսած է ան։

«Պատրաստ ենք ցուցաբերելու համակողմանի աջակցութիւն այդ գործընթացին, այդ շարքին ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի գծով, որու ներկայութիւնը մեծ նշանակութիւն ունի»,-ըսած է Կալուզինը։

Անոր խօսքով՝ «շնորհիւ ռուսական ջանքերու, այդ շարքին մեր վեց խաղաղապահներու կեանքի գնով, կարելի եղած է խուսափիլ զգալի թուով քաղաքացիական զոհերէ» 2023-ի սեպտեմբերի ատրպէյճանական յարձակման ժամանակ։

«Ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի աշխուժ միջնորդութեամբ 2023-ի սեպտեմբեր 20-ին ձեռք բերուեցաւ պայմանաւորուածութիւն մարտական գործողութիւններու դադրեցման մասին եւ բանակցութիւններ վարուեցան Ղարաբաղի հայ բնակչութեան եւ ատրպէյճանական իշխանութիւններու միջեւ։ Մեր խաղաղապահները ապաստան տրամադրեցին խաղաղ բնակիչներուն, իրականացուցին մարդասիրական օգնութեան առաքումը, կազմակերպեցին բժշկական տարհանում»,-ըսած է Կալուզինը։

Ան յայտնած է, որ «նշուած իրադարձութիւնները տեղի ունեցած են ոչ ինքնաբերաբար. հայկական կողմը ճանչցած է Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը, ներառեալ Ղարաբաղը անոր կազմին մէջ, դեռ 2022-ի հոկտեմբերին Փրակայի մէջ, ԵՄ գագաթաժողովին»։

«Ընդ որում՝ տարածաշրջանի հայ բնակչութեան իրաւունքներու եւ անվտանգութեան ապահովման հարցը այն ժամանակ լուծուած չէր։ Այժմ Ղարաբաղը կը համարկուի Ատրպէյճանի իրաւական դաշտին մէջ»,-ըսած է ան։