image

Ռուսիա միջազգային ֆինանսական ոլորտին մէջ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ազդեցութեան դէմ չի գործեր. Փեսքով

Ռուսիա միջազգային ֆինանսական ոլորտին մէջ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ազդեցութեան դէմ չի գործեր. Փեսքով

Ռուսիա չ'աշխատիր համաշխարհային ֆինանսական համակարգին մէջ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու գերիշխանութիւնը խաթարելու ուղղութեամբ։ Այս մասին ըսած է ՌԴ նախագահի մամուլի խօսնակ Տմիթրի Փեսքով՝ The Washington Post-ին տուած մեկնաբանութեան մէջ։

«Ռուսիոյ Դաշնութեան քայլերն ուղղուած են այլընտրանքներու ստեղծման»,- ըսած է Փեսքով։

Տմիթրի Փեսքով նաեւ նշած է, որ «հաւաքական Արեւմուտքի» ձեռնարկած գործողութիւնները կը խարխլեն վստահութիւնը՝ առանց Մոսկուայի կողմէ որեւէ միջամտութեան:

«ՌԴ-ն ուշադիր կը հետեւի իրավիճակին եւ տնտեսական նոր համակարգ կը կառուցէ, քանի որ նախորդ համակարգը, պարզուեցաւ, որ անվստահելի, կեղծ եւ վտանգաւոր է»,- աւելցուցած է Փեսքով։