image

Ռուսիա Կը Սաստկացնէ Իր Գրոհները Սուրիոյ Մէջ. «Ալ Հայաթ»

Ռուսիա  Կը Սաստկացնէ Իր  Գրոհները  Սուրիոյ Մէջ. «Ալ Հայաթ»

Սուրիա- («Ալ Հայաթ»- Լոնտոն)   Ռուսիա կը  սաստակացնէ  իր  իր յարձակումները  Սուրիոյ մէջ: Այս մասին տեղեկութիւնը կը փոխանցէ  «Ալ Հայաթ»  օրաթերթը, որ նաեւ կը գրէ, թէ  արդէն –րդ օրն ըլլալով     Սուրիոյ  մէջ   ընթացող  զինուորական   գործողութիւնները    կեդրոնացած են յատկապէս  Հոմսի եւ Իտլիպի  գիւղական  հատուածներուն վրայ: Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ  ռուսական   գործողութիւնները կը  ղեկավարուին  Լաթաքիոյ մէջ  տեղակայուած ռուսական    զօրակայանէն:Թերթը կը յիշատակէ  ընթացող գործողութեանց   զուգընթաց  Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի ըրած մէկ յայտարարութիւնը, ուր ան մասնաւորապէս ըսած էր ՝ թէ, «Ռուսիոյ եւ իր դաշնակիցներուն ձախողութեան պարագային Տարածքաշրջանը ամբողջութեամբ պիտի ոչնչանայ »: Իր կարգին  Եգիպտոսի Արտաքին Գործոց նախարար Սամէհ Շուքրի  դրական  խօսելով  օուսական օդային  հարուածներուն մասին ըսած է, թէ  հարուածները «Պիտի շրջափակեն կամ օղակեն ահաբեկչութիւնը»:  սուրիական  ուժերը տիրապետեցին Դամասկոսի եւ Կոլանի միջեւ Քունայթրայի շրջանին մօտ գտնուող  եւ կարեւոր դիրք ներկայացնող բլուրի մը:  Իր  կարգին ռուսական պաշտպանութեան նախարարութիւն պաշտօնական  յայտարարութեամբ մը յայտարարեց,  թէ «Անցնող 24 ժամերու ընթացքին Սոխոյ 34 եւ 24, 25 պատերազմական օդանաւերը կատարած են  քսան թռիչքներ»  եւ հաւաստիացուց, թէ   ռուսական   կործանիչներ  հարուածած են ISIS  խմբաւորումներու  10  ներյարկային կառոյցի թիրախներմատնանշելով, թէ «Զօրքը կ'ընդարձակէ օդային հարուածները»:Նոյն աղբիւրին  համաձայն օդային զարկերը Րաքքայի, Իտլիպի մէջ ISIS-ի մարզման եւ զինամթերքի  կայաններ նշանակէտած  են:Միւս կողմէ Սուրիոյ մարդկային իրաւունքներու դիտարկողները կը հերքեն Իտլիպ շրջանի մէջ ISIS-ի  ներկայութիւնը  յայտնելով, որ  շրջանը  մի քանի  ամիս առաջ  դատարկուած էր  օրինական ուժերէն: Ըստ այս աղբիւրին 20 օդային յարձակումներուն ընթացքին սպաննուած են  անզէն քաղաքայիններ: Աղբիւրը կը նշէ, որ այս բոլորը  կը  զուգադիպին    ռուսական պատուիրակութեան մը  Իսրայէլ կատարելիք այցին, որ պիտի կատարուի «համադրում»ի  վերնագրին տակ: Թերթը կը յիշեցնէ, որ  Սուրիոյ դէմ ռուսական յարձակումներուն  սկիզբ  առնելէն   օրեր ետք, Մոսկուայի մէջ Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահու   ընդունուած է  Ռուսիոյ  նախագահ Վլատիմիր   Փութինին կողմէ: