Մոսկուայի մէջ հանդիպման ընթացքին Նիկոլ Փաշինեան եւ Վլատիմիր Փութին ընդգծած են Հարաւային Կովկասի մէջ բոլոր տնտեսական կապերու եւ ճանապարհային ուղիներու ապաշրջափակման հարցով եռակողմ աշխատանքային խումբի գործունէութեան աշխուժացման կարեւորութիւնը` Ատրպէյճանի, Հայաստանի եւ Ռուսաստանի փոխվարչապետներու համատեղ նախագահութեամբ:
Ռուսաստանեան կողմը պատրաստակամութիւն յայտնած է մասնակցելու Հայաստանի երկաթուղային ենթակառուցուածքներու, այդ շարքին՝ Հայաստանի Հանրապետութեան Սիւնիքի եւ այլ մարզերու մէջ երկաթուղիի վերականգնման նախագիծերուն:
Կողմերը նաեւ պայմանաւորուած են, համաձայն 2021-ի Նոյեմբեր 26-ի եռակողմ պայմանաւորուածութիւններուն, արագացնել հայ-ատրպէյճանական սահմանի շրջանին մէջ սահմանազատման եւ անվտանգութեան հարցերով երկկողմ յանձնաժողովի ստեղծումը` կողմերու հարցումով Ռուսասատանի Դաշնութեան խորհրդատուական աջակցութեամբ:
Փութին եւ Փաշինեան նաեւ ողջունած են հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման մեկնարկած գործընթացը, ըսուած է Քրեմլի տարածած համատեղ յայտարարութեան մէջ: