Հաագայի դատարանի վճիռը, կապուած Լաչինի միջանցքը բանալու հետ, պէտք է կատարուի։ Այս մասին 21 յունիսին, լրագրողներու հետ հանդիպման յայտարարած է Եւրոպական խորհրդարանի անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան հարցերով ենթակոմիտէի նախագահ Նաթալի Լուազոն։
«Գորիսի ճանապարհին ուղեւորուելով դէպի Լաչինի միջացնքի մուտքը մենք ականատես եղանք ռուս խաղաղապահներու, որոնք նոյեմբեր 9-ի փաստաթուղթով պէտք է ապահովեն Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան պաշտպանութիւնը եւ անձանց ու ապրանքներու անցուդարձը։ Առնուազն Լաչինի միջանցքի մուտքի մօտ, ուստի՝ տարակուսելի է, թէ ինչու անոնք այդ որոշումը չեն իրականացներ։ Ես կը շարունակեմ զարմանալ, թէ Ռուսիան ինչու չի կատարեր իր պարտաւորութիւնները։ Ռուսիան նոյնպէս կրնար պատժամիջոցներ նախաձեռնել Պաքուի նկատմամբ, սակայն նման բան տեղի չունենար։ Զարմանալի է նաեւ արտահանուող կազի ծաւալը, քանի որ այն կը գերազանցէ արտադրուող կազի ծաւալը։ Եթէ Ռուսիան որոշած է Ատրպէյճանի կողմը ըլլալ, ապա ժամանակն է, որ այդ մասին ըսէ հրապարակաւ։ Երբ մենք Լաչինի միջանցքի մօտակայքն էինք, Լեռնային Ղարաբաղ մուտք գործող անգամ մէկ բեռնատար չտեսանք։ Իրավիճակը երթալով կը բարդանայ, ոչ ռուսական, ոչ ալ Կարմիր խաչի մեքենաները կրնան մուտք գործել Լեռնային Ղարաբաղ, եւ այլեւս ոչ մէկը կրնայ ձեւացնել, թէ այդ բնապահպաններու պատճառով է, որովհետեւ ակնյայտ է ատրպէյճանցիներու անցակէտի տեղայնացումը»,- ըսած է ան:
Անոր խօսքով՝ Հայաստանը ՀԱՊԿ-ի անդամ է, որ կոչուած է իր անդամները պաշտպանելու յարձակումէ, այնպէս որ հարցեր պէտք է ուղղել այդ կազմակերպութեան անդամներուն։