image

Հալէպի մէջ. Թուրքիոյ հիւպատոսը այցելած է ՀՀ Հիւպատոսարան

 Հալէպի մէջ. Թուրքիոյ հիւպատոսը այցելած է ՀՀ Հիւպատոսարան

Հալէպի մէջ  Թուրքիոյ հիւպատոսը այցելած է Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոսարան։

 Ասոր մասին «Արեւելք»  վերահասու դարձաւ ՀՀ հիւպատոսարանի պաշտօնական էջէն։ 

Ստորեւ  ատոր   մասին   տրուած  հաղորդագրութիւնը։

 

26 Մարտին Հալէպի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոսութիւն այցելած է Հալէպի Թուրքիոյ Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոս Մուամմեր Հաքան Ճենքիզը և փոխհիւպատոս Էրինը: Այս մասին կը յայտնէ ՀՀ Գլխաւոր Հիւպատոսութիւնը։

Ողջունելով հիւրերը ՀՀ գլխաւոր հիւպատոս Արա Աւետիսեան շնորհաւորած է Մուամմեր Հաքան Ճենքիզը՝ նախ երկար դադարէ ետք Թուրքիոյ հիւպատոսութեան վերաբացման, ապա այդ պաշտօնին իր նշանակման եւ Ռամատան ամսուան առիթով: 

 Արա Աւետիսեան տեղեկացուցած է, որ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսութիւնը Հալէպի մէջ կը գործէ աւելի քան 30 տարիէ ի վեր և իր հիմնադրման օրէն երբեք չէ դադարեցուցած իր գործունէութիւնը՝ նոյնիսկ Հալէպի պաշարման և պատերազմի օրերուն: ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսը շնորհակալութիւն յայտնած է վերջերս Հայաստանի Հանրապետութենէն Սուրիա մարդասիրական օգնութեան տեղափոխման հարցով թրքական կողմին աջակցութեան և այդ երկրով օժանդակութեան շարասիւնի անարգել անցման համար:

Շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար, Մուամմեր Հաքան Ճենքիզ նշած է, որ, մեկնելով դիւանագիտական բարոյագիտութեան կանոններէն, իր պարտքը համարած է այցելել Հալէպի մէջ գործող միակ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւն և ծանօթանալ իր հայ գործընկերոջ:

 ՀՀ գլխաւոր հյուպատոսը յաջողութիւն մաղթած է թուրք գործընկերոջ իր դժուար առաքելութեան մէջ: Հանդիպման աւարտին Թուրքիոյ գլխաւոր հիւպատոս Մուամմեր Հաքան Ճենքիզ ջերմ շնորհակալութիւն  յայտնած է ընդունելութեան համար եւ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Արա Աւետիսեանը հրաւիրած է Թուրքիոյ գլխաւոր հիւպատոսութեան բացման, ինչպէս նաև յարմարութեան պարագային այցելելու Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիւպատոսութեան ժամանակաւոր գրասենեակ: 

Կողմերը համաձայնած են շարունակել գործակցութիւնը: