image

Ռուսիա եւ Պելառուսիա միասին կը պայքարին. Փութին

Ռուսիա եւ Պելառուսիա միասին կը պայքարին. Փութին

Ռուսիան եւ Պելառուսիան միասին կը պայքարին պատժամիջոցներու դէմ, եւ այդ պայքարը կը տանին՝ արդիւնաւէտ, ըսած է Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինը:

«Միասին մենք կը դիմակայենք ոչ բարեկամ պետութիւններու պատժամիջոցներու ճնշումը, Ռուսիան եւ Պելառուսիան համաշխարհային շուկաներէն մեկուսացնելու փորձերը, կը համակարգենք քայլերը՝ նուազագոյնի հասցնելու անօրինական սահմանափակող միջոցներու ազդեցութիւնը մեր երկիրներու տնտեսութիւններու վրայ», - Պելառուսիոյ նախագահի հետ բանակցութիւններէն ետք ըսած է Ռուսիոյ ղեկավարը: