image
Հրատապ լուրեր:

Ռուսական կողմը կը հաւաստիացնէ. Քուրսքի շրջափակումն աւարտելու աշխատանքներ կը տարուին

Ռուսական կողմը կը հաւաստիացնէ. Քուրսքի շրջափակումն աւարտելու  աշխատանքներ կը տարուին

Ռուս զինուորականները Քուրսքի ուղղութեամբ աստիճանաբար կ'ոչնչացնեն Ուքրանիոյ զինուած ուժերու ստորաբաժանումները։ Այս մասին ԹԱՍՍ-ին ըսած է Ռուսիոյ Դաշնութեան Զինուած ուժերու գլխաւոր ռազմաքաղաքական տնօրինութեան ղեկավարի տեղակալ, «Ախմաթի» յատուկ նշանակութեան ջոկատի հրամանատար, զօրավար-մայոր Ափթի Ալաուտինով։

«Մեր վիճակը նորմալ է, ոչնչացուցած ենք թշնամին»,- ըսած է ան։

Ալաուտինով նշած է, որ Քուրսքի ուղղութեամբ աշխատանքներ կը տարուին Ուքրանիոյ զինուած ուժերու շրջափակումն աւարտելու ուղղութեամբ։ «Ուրեմն մենք մեր գործը կ'ընենք եւ գիտենք, որ պիտի յաղթենք»,- եզրափակած է ան: