image

Ռուսական ԱԹՍ-ներ հատած են Լաթվիոյ օդային տարածքը

Ռուսական ԱԹՍ-ներ հատած են Լաթվիոյ օդային տարածքը

Ռումանիան եւ Լաթվիան՝ ՆԱԹՕ-ին անդամակցող երկիրները, յայտնած են ռուսական անօդաչու սարքերու հետ կապուած միջադէպերու մասին, գրած է գերմանական Bild թերթը:

Լաթվիոյ նախագահ Էտկարս Ռինքեւիչի խօսքով՝ շաբաթ օր ռուսական մարտական անօդաչու թռչող սարք կործանուած է «երկրի արեւելեան հատուածը»։ Երկրի պաշտպանութեան նախարարութեան տուեալներով՝ անօդաչու սարքը Լաթվիոյ օդային տարածք մտած է հարեւան Պելառուսիայէն եւ ինկած Ռեզեքնէ քաղաքի մօտ։

Ռումանիոյ իշխանութիւնները յայտնած են, որ իրենց տարածքը ռուսական անօդաչու թռչող սարք յայտնաբերած են։ Ըստ որոշ տեղեկութիւններու՝ անօդաչու թռչող սարքն ինկած է Ռումանիոյ տարածք, միւսներու համաձայն՝ այն պարզապէս թռած է անոր վրայէն։ Ռումանիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնն օդ բարձրացուցած է F-16 կործանիչները, երբ ռուսական անօդաչու թռչող սարքը անցած է, եւ՝ զգուշացուցած մօտակայ երկու շրջաններու բնակչութիւնը վտանգի մասին։

ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ Միրչա Ճոանէ X-ի իր էջին գրած է, որ Ռուսիա կոպտօրէն կը խախտէ ՆԱԹՕ-ի անդամ երկիրներու օդային տարածքը։ Ճոանէ նման գործողութիւններն անուանած է «անպատասխանատու եւ մեծ  հաւանականութեամբ վտանգաւոր»։