Ռուսական խաղաղապահ զօրախումբը կը շարունակէ խնդիրներու կատարումը Լեռնային Ղարաբաղի տարածքը։ Այս մասին ըսուած է 7 ապրիլին Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիէն ներս խաղաղապահ զօրախումբի գործունէութեան մասին Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուական տեղեկագրին մէջ:
Անցած մէկ օրուան ընթացքին հրադադարի ռեժիմի խախտումներ չեն արձանագրուած։
Ապահովուած է Գորիս-Ստեփանակերտ երթուղիով մարդասիրական բեռով ինքնաշարժներու շարասիւնի ուղեկցումը:
Ռուս խաղաղապահներու անվտանգութիւնն ապահովելու եւ հնարաւոր միջադէպերը կանխելու նպատակով շարունակական փոխգործակցութիւն կը պահպանուի Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբներուն հետ: