Ռուս-ուքրանական հակամարտութեան ընթացքին սպանուած քաղաքացիական անձանց թիւը հասած է 10,703-ի: Այս մասին ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի նիստին յայտնած է ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարի Մերձաւոր Արեւելքի, Ասիոյ եւ Խաղաղովկիանոսեան տարածաշրջանի հարցերով օգնական Մոհամետ Խալետ Հիարին՝ նշելով, որ ՄԱԿ-ի մէջ մտահոգուած են Ուքրանիոյ արեւելքը բնակելի շրջաններու վրայ հակամարտութեան տարածմամբ։
ՄԱԿ-ի ներկայացուցիչի խօսքով՝ ռուսական զօրքերը գրեթէ ամբողջութեամբ աւերած են այն գիւղերը, աւաններն ու քաղաքները, ուր տարածուած է հակամարտութիւնը։
«Այդ յարձակումները միջազգային իրաւունքի խախտում են եւ պէտք է անյապաղ դադրեցուին։ Ռուսիոյ ներխուժումն Ուքրանիա յանգեցուցած է 10,703 խաղաղ բնակչի մահուան, որոնցմէ 549-ը երեխաներ են։ Վիրաւորուած է 20,146 մարդ։ Մենք կը դատապարտենք բոլոր յարձակումները քաղաքացիական բնակչութեան եւ քաղաքացիական ենթակառուցուածքներու վրայ»,-ըսած է Հիարին։