Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղակայուած խաղաղապահները հրադադարի ռեժիմի խախտում արձանագրած են Շուշիի շրջանին։ Տեղեկութիւնը յայտնած է Ռուսիոյ Դաշնութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը։
«Տուժածներ չկան։ Փաստի առթիւ քննութիւն կը տարուի ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի ուժերով»,-ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։
Բացի այդ, Ռուսիոյ Դաշնութեան խաղաղապահները մարդասիրական բեռով եւս 1 մեքենաներու շարասիւնին ուղեկցած են Լեռնային Ղարաբաղ Գորիս–Ստեփանակերտ երթուղիով։
Ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի ճարտարապետա-սակրաւորական խումբերը կը շարունակեն կառոյցներու եւ տեղանքի ականազերծումը։ Օրուան ընթացքին մաքրուած է 0,7 հեքթար տարածք։