Ռուսիոյ եւ Հայաստանի յարաբերութիւններուն մէջ դեռ բացասական ուժաբանութիւն կայ: Այս մասին «Sputnik» ռատիոկայանի եթերին ըսած է Դաշնութեան խորհուրդի փոխնախագահ Քոնսթանթին Քոսաչովը։
«Հայաստանի հետ ուժաբանութիւնը ակնյայտօրէն բացասական է։ Ամէն ինչ տեսանելի է անզէն աչքով։ Հայաստանի ներկայիս ղեկավարութիւնը երկիրը հնարաւորինս հեռու կը տանի Ռուսիայէն»,-ըսած է ան։
Միաժամանակ, ըստ ռուս գործիչի, սա, ի վերջոյ, ժամանակաւոր դաւադրութիւն է։
«Բայց ինծի կը թուի, որ սա դեռ ժամանակաւոր թեմայ է մեր հարեւաններու կեանքին մէջ, քանի որ առանց Ռուսիոյ հետ բնականոն բարիդրացիական յարաբերութիւններու... Հայաստանի համար, մեղմ ըսած, շատ դժուար պիտի ըլլայ։ Այն յոյսերը, որ Հայաստանին կ՚աջակցին իր նոր արեւմտեան ընկերները... ինծի շատ պատրանքային կը թուին»,- նշած է Քոնսթանթին Քոսաչովը։
Միեւնոյն ժամանակ, անոր խօսքով, Ատրպէյճանի եւ Կեդրոնական Ասիոյ պետութիւններու հետ յարաբերութիւններուն մէջ իրավիճակը «աւելի կայուն է, բայց շատ առումներով այդ կախուած պիտի ըլլայ Ռուսիոյ արտաքին քաղաքականութեան արդիւնաւէտութենէն»։
«Ռուսիոյ հետ համագործակցութիւնը պէտք է ըլլայ շահաւէտ, պէտք է հետաքրքիր ըլլայ»,- կը կարծէ Քոսաչովը։