Ռուսաստանի արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան մասնագէտները կը շարունակեն ականազերծման աշխատանքները Լեռնային Ղարաբաղի մէջ: ՌԴ ԱԻՆ-ի փոխանցմամբ՝ անոնք ուսումնասիրած են աւելի քան 123 հա տարածք եւ յայտնաբերած են շուրջ 15,5 հազար պայթուցիկ առարկայ:
Գերատեսչութիւնը կը հաղորդէ, որ յայտնաբերուած զինամթերքի մէջ արդէն կայ աւելի քան 6800 հրետանային արկ եւ 3400 տարբեր տրամաչափի փամփուշտներ, ինչպէս նաեւ աւելի քան 730 ականանետի ական եւ աւելի քան 1100 նռնակ:
Ականազերծումը կը շարունակուին Աղտամի շրջանի Աֆաթլի բնակավայրի մօտակայքը: Այնտեղ արդէն ուսումնասիրած են շուրջ 13 հա տարածք, յայտնաբերած եւ վնասազերծած են 395 պայթիւնավտանգ առարկայ, այդ շարքին՝ 100 հակաթանկային եւ 196 հակահետեւակային ական, ինչպէս նաեւ 98 նռնակ:
ՌԴ ԱԻՆ-ի կայքին մէջ նաեւ նշուած է, որ գերատեսչութեան մասնագէտներն ատրպէյճանցի գործընկերներու հետ միասին կը մաքրեն տարածքը ձեռքով եւ Մոսկուայէն բերուած երկու MV-4 ականազերծող մեքենաներու միջոցով: