Սուրիա- («Ալ Հայաթ»- Լոնտոն)Ամերիկեան տարբեր աղբիւրներէ ստանալով իր տեղեկութիւնները Լոնտոնի «Ալ Հայաթ»ը այսօր լուր մը հրապարակելով գրած է, թէ ռուս 500 զինուորներ Սուրիա հասած են: Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ ռուսական ուժեր աշխատանք կը տանին իրենց ունեցած երկու զօրակայանները արդիականացնել Լաթաքիոյ մէջ: Թերթը նաեւ չի թաքցներ, որ Սուրիա ժամանած ռուսական տասնեակ արդիական կործանիչներ արդէն իսկ կ'օգտագործուին կառավարական ուժերուն կողմէ: Նշենք, որ «Ռօյթըրզ» աւելի վաղ տեղեկութիւններ փոխանցած էր այն մասին, թէ սուրիական կործանիչներ հարուածած են Ռաքքան, ուր ISIS-ի տասնեակ զինեալներ սպաննուած են: Ամերիկեան գետնի վրայ, մինչ CIA-ի նախկին ղեկավար Տէյվիտ Բէթրաեոս առաջարկ ըրած էր, Սուրիոյ մէջ օդային ապահովական գօտիներ ստեղծել կանխարգիլելու համար իշխանութիւններուն կողմէ պայթուցիկ տակառներու օգտագործումը, անդին ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քէրի անդրադաօնով Սուրիոյ մէջ ռուսական դերին եւ միջամտութեան աշխուժացման մասին ըսած էր, թէ Ռուսիոյ Սուրիոյ մէջ առած քայլերը «պաշտպանողական» են եւ զանոնք տեղադրած ISIS-ի ահաբեկչութեան դէմ պայքարին ծիրէն ներս: