image

Ռումանիոյ նախագահը թեկնածու՝ ՆԱԹՕ-ի ղեկավարութեան

Ռումանիոյ նախագահը  թեկնածու՝ ՆԱԹՕ-ի ղեկավարութեան

Ռումանիոյ նախագահ Քլաուս Եոհանիսը յայտարարած է ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնին առաջադրուելու մասին:

64-ամեայ ռումանացի քաղաքական գործիչը յիշեցուցած է, որ Ռումանիան Հիւսիսաթլանթեան դաշինքի անդամ է 2004 թուականէն։ Նախագահ Եոհանիսը կը կարծէ, որ «հաշուի առնելով անվտանգութեան ներկայ իրավիճակը», եկած է ժամանակը, որ իր երկիրը ստանձնէ աւելի մեծ պատասխանատւութիւն: Ռումանիան, որ սահմանակից է Ուքրանիոյ, կրնայ նպաստել «նոր տեսլականի ձեւաւորման»՝ հաշուի առնելով «լուրջ եւ երկարաժամկէտ ռուսական սպառնալիքը»,- ընդգծած է քաղաքական գործիչը։

ՆԱԹՕ-ի ներկայ ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթընպերկը դաշինքը կը ղեկավարէ 2014 թուականէն։ 2023 թուականի փետրուարին ան յայտարարած է, որ պիտի չերկարաձգէ մանթատը, քանի որ այդ արդէն տեղի ունեցած է երեք անգամ։ Վերջին անգամ ՆԱԹՕ-ի ղեկավարի պաշտօնին անոր մանթատը երկարաձգուած էր անցեալ յուլիսին Վիլնիւսի մէջ կայացած գագաթնաժողովին՝ մինչեւ 2024 թուականի հոկտեմբեր 1-ը։

Սթոլթընպերկի ամենահաւանական իրաւայաջորդն այս պահուն կը համարուի Հոլանտայի հեռացող վարչապետ Մարք Ռիւթէն, որու թեկնածութիւնը կը պաշտպանեն Գերմանիան, ԱՄՆ-ն, Մեծ Բրիտանիան եւ Ֆրանսան, սակայն այն մերժած է Հունգարիան։ Արեւելեան Եւրոպայի երկիրները ՆԱԹՕ-ի ղեկավարի պաշտօնին կը նախընտրեն Ռումանիոյ նախագահ Քլաուս Եոհանիսը կամ Էսթոնիոյ վարչապետ Կայա Կալասին։

Կը սպասուի, որ Հիւսիսաթլանթեան դաշինքի յաջորդ ընդհանուր քարտուղարի անունը պիտի յայտարարուի յուլիսին Ուաշինկթընի մէջ կայանալիք ՆԱԹՕ-ի գագաթնաժողովէն առաջ։ Որոշումը պէտք է հաստատեն դաշինքի բոլոր անդամները։