image
Հրատապ լուրեր:

«Ռուբէն Վարդանեանը հրաժարական չի տալու, պաշտօնանկութեան դէպքում Արցախից չի հեռանայ». Մեսրոպ Առաքելեան

«Ռուբէն Վարդանեանը հրաժարական չի տալու, պաշտօնանկութեան դէպքում Արցախից չի հեռանայ». Մեսրոպ Առաքելեան

Ռուբէն Վարդանեանը հրաժարական պիտի չտայ, պաշտօնանկութեան պարագային Արցախէն պիտի չհեռանայ: Այս մասին «Ազատութեան» եթերին Կառլէն Ասլանեանի հետ զրոյցին ըսած է «Ապրելու երկիր» կուսակցութեան համահիմնադիր, Ռուբէն Վարդանեանի խորհրդական Մեսրոպ Առաքելեանը։

Հարցին, կը պատրաստուի Ռուբէն Վարդանեանը հեռանալ, թէ ոչ, Մեսրոպ Առաքելեանն ըսած է․ «Այս խօսակցութիւնները նոր չեն, ցաւօք, նրա (Ռուբէն Վարդանեանի- Խմբ.) պաշտօնի ստանձնումից յետոյ նման խօսակցութիւններ կան, յունուարին եւս, ինչպէս այն ժամանակ, հիմա էլ ասեմ, որ Ռուբէն Վարդանեանը չի պատրաստւում հրաժարական տալ, ինչպէս նաեւ հեռանալ Արցախից քանի որ Արցախի նկատմամբ Ռուբէն Վարդանեանի եւ մեր թիմի դիրքորոշումը Արցախում պաշտօն զբաղեցնոլով չի պայմանաւորուած։ Անկախ նրանից, որեւէ քաղաքական փոփոխութիւն կը լինի, թէ ոչ, Ռուբէն Վարդանեանի նուիրումն Արցախին չի փոխուելու եւ անելու է առաւելագոյնը առկայ մարտահրաւէրներին դիմակայելու»։

Հարցին, թէ կրնա՞յ ըլլալ հեռացուի այդ պաշտօնէն, Առաքելեան ըսած է, որ նման տեղեկութիւն չունի, այդ պաշտօնին նշանակումն ու ազատումը տեղի կ'ունենայ Արցախի նախագահի կողմէ, իսկ այդ գործողութիւնները չի մեկնաբաներ․ «Այս պահին նման տեղեկութիւն չկայ, եթէ նման որոշում կ'ունենայ, կարծում եմ Արցախի նախագահը կը ներկայացնի ե՛ւ պատճառները, ե՛ւ հետագայ անելիքները»։