image
Հրատապ լուրեր:

Ռոպէրթ Քոչարեանի դատը յետաձգուեցաւ

Ռոպէրթ Քոչարեանի դատը յետաձգուեցաւ

 

Քիչ առաջ ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանը դուրս եկաւ Շնեգաւիթի առաջին ատեանի դատարանի շէնքէն, ուր կ'ընթանայ Մարտ 1–ի գործով դատավարութիւնը եւ մօտեցաւ առատ ձիւնի պայմաններուն մէջ իրեն աջակցելու եկած քաղաքացիներուն։

«Շնորհակալութիւն, որ եկել էք, շնորհակալութիւն ձեր աջակցութեան համար, ձեր հետ եմ, եղել եմ, կամ եւ միշտ լինելու եմ։ Ուղղակի հիմա դատը յետաձգուել է, խնդրում եմ՝ այս ձիւնի տակ, այս եղանակային պայմաններում չմնալ այստեղ, գնացէք տուն։ Մեծ շնորհակալութիւն, ես ուղղակի զգացուած եմ»,– ըսած է Քոչարեանը։

Հաւաքուածները անոր դիմաւորած են ծափողջիւններով եւ «Քոչարեան, հերոս» վանկարկումներով։

Նշենք, որ դատական նիստը մէկ ժամով հետաձգուած է թարգմանիչի բացակայ ըլլալու պատճառով։